The latest meeting of the three diocesan primates of the Armenian Church in North America took place on Tuesday, January 28, at the Western Diocese’s headquarters in Burbank, CA.
Hosted by Archbishop Hovnan Derderian, Primate of the Western Diocese, and attended by Bishop Abgar Hovakimyan, Primate of Canada, and Bishop Mesrop Parsamyan, Primate of the Eastern Diocese, the meeting reaffirmed the close cooperation between the three dioceses in fostering Christian education and enhancing the spiritual and administrative services of the dioceses.
A primary topic of discussion was the planning and details of a pontifical visit by His Holiness Karekin II, Supreme Patriarch and Catholicos of All Armenians, to the three North American dioceses in 2025-2026. Additionally, the primates discussed the upcoming visit of His Beatitude Archbishop Sahak II Mashalian, Armenian Patriarch of Constantinople, to the Eastern and Western Dioceses in 2025.
At the invitation of Archbishop Derderian, Dr. Hratch Tchilingirian presented an in-depth report on the progress and future plans of the long-term Institutional Innovation program, implemented by the Western Diocese.
The primates also focused on lay ministry educational programs and new initiatives designed to train and equip lay members for active participation in the church’s spiritual and educational mission.
The issue of clergy preparation was given particular attention. The meeting highlighted the role of St. Nersess Seminary, which operates under the sponsorship of the three North American dioceses, as well as the recruitment and spiritual development of future clergy candidates.
Among other important topics, the agenda included discussions on summer camps, youth gatherings, and the invaluable contributions of affiliated organizations.
Christian education was also a key topic of discussion, covering past and ongoing initiatives such as Biblical studies, religious publications, and future projects. In addition to Sunday Schools, the critical mission of Saturday Schools was also underscored.
At the conclusion of the meetings, the three primates offered prayers, asking God to preserve the Armenian Church and homeland. They prayed for the steadfastness of the Mother See of Holy Etchmiadzin, the health and longevity of the Supreme Patriarch, and the continuity of the Armenian Church’s sacred mission, rooted in its centuries-old spiritual and cultural heritage. Moving forward, these agenda items will remain key topics of discussion in future meetings.
* * *
Հիւսիսային Ամերիկայի Երեք Թեմակալ Առաջնորդներու Հերթական Ժողովը
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմակալ Առաջնորդներու հերթական ժողովը կայացաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանէն ներս, Երեքշաբթի 28 Յունուար 2025-ին, հիւրընկալութեամբ՝ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, եւ մասնակցութեամբ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի եւ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսամեանի: Սոյն հանդիպումը եկաւ վերահաստատելու երեք Թեմերու եւ անոնց Թեմակալ Առաջնորդներու եղբայրական սերտ համագործակցութիւնը՝ յօգուտ մեր ժողովուրդի զաւակներու քրիստոնէական առողջ կրթութեան եւ թեմական մակարդակներով հոգեւոր ու վարչական ծառայութեանց առաւել ծաղկման ու զօրացման:
Ժողովներու նիստերը սկիզբ առին երեք Առաջնորդներու աղօթքով, որմէ ետք անոնք քննարկեցին օրակարգային կարեւոր նիւթեր:
Թեմակալ Առաջնորդները նախ հանգամանօրէն քննարկեցին 2025-2026 տարիներու ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ծայրագոյն Պատրիարքի եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմեր կատարելիք հովուապետական օրհնաբեր այցելութեան ծրագրերն ու մանրամասները: Թեմակալ Առաջնորդները նաեւ անդրադարձան 2025 տարուայ ընթացքին Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ն. Ա. Տէր Սահակ Բ. Արքեպիսկոպոս Մաշալեանի Հիւսիսային Ամերիկայի երկու՝ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թեմեր օրհնաբեր այցելութեան մանրամասնութեանց:
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան խորքային զեկուցում ներկայացուց Արեւմտեան Թեմին հովանաւորած «Հաստատութենական Նորարարութեան» երկարաժամկէտ ծրագրի (Institutional Innovation) աշխատանքներու մանրամասներու եւ ընթացիկ ծրագիրներու մասին։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազանները կարեւորութեամբ քննարկուեցին Ուսուցիչներու Առաքելութեան (Lay Ministry) վերապատրաստութեան ուսումնական գործունէութիւնն ու նոր ծրագիրները, որպէսզի հնարաւորութիւն տրուի նաեւ աշխարհականներուն մասնակցելու Եկեղեցւոյ հոգեւոր ու կրթական դաստիարակութեան նուիրական առաքելութեան։
Այնուհետեւ, ժողովներու նիստերուն մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ հոգեւորականաց պատրաստութեան հարցին: Լուսարձակի տակ առնուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք թեմերու հովանաւորութիւնը վայելող Ս. Ներսէս Ընծայարանի եզակի առաքելութիւնը, արծարծուեցաւ քահանայութեան թեկնածուներու հաւաքագրման հանգամանքը, անոնց հոգեմտաւոր պատրաստութիւնը ու զարգացումը: Ի շարս այլ հարցերու, ժողովի նիստերու օրակարգին վրայ մասնաւոր տեղ ունեցան ամառնային ճամբարները, երիտասարդական համախմբումները եւ բոլոր յարակից մարմիններու եզակի ներդրոմը, եւ անգամ մը եւս շեշտուեցաւ բոլորի ներգրաւումն ու մասնակցութիւնը մեր Եկեղեցւոյ աստուածանուէր ծառայական առաքելութեան:
Նիստերուն քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եւս օրակարգի նիւթ դարձաւ: Այս ծիրէն ներս խօսուեցաւ իրականացած զանազան ծրագիրներու մասին, ինչպէս՝ քրիստոնէական ուսուցում, Սուրբ Գրային սերտողութիւններ, հոգեւոր գիրքերու հրատարակութիւն եւ ապագային կատարուելիք տարբեր նախաձեռնութիւններու մասին անդրադարձ կատարուեցաւ: Կիրակնօրեայ դպրոցներու կողքին շեշտուեցաւ նաեւ Շաբաթօրեայ դպրոցներուն եզակի առաքելութիւնը:
Ժողովական նիստերու աւարտին երեք հոգեւոր Առաջնորդները աղօթք բարձրացուցին առ ամենաբարին Աստուած անսասան պահելու Մայրենի Սուրբ Եկեղեցին եւ Հայաստան աշխարհը, մաղթելով, որ Ամենաբարին Աստուած հաստատ պահէ մեր Հայրենիքը եւ անսասան՝ Մայր Աթոռը, արեւշատ օրեր պարգեւէ Հայոց Հայրապետին եւ անշէջ պահէ Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը՝ բազմադարեայ հարուստ ժառանգութեամբ զօրացած ու ամրապնդուած շարունակելու մեր կեանքի ընթացքը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմակալ Առաջնորդներու հերթական յաջորդ ժողովներու նիստերուն մնայուն քննարկումի նիւթեր պիտի դառնան նշեալ բոլոր օրակարգային հարցերը, առաւել կազմակերպուած, միախորհուրդ ու հաստատուն քայլերով ու անխախտ հաւատքով շարունակելու Հայ Եկեղեցւոյ պայծառ ապագայի տենչող հոգեւոր, կրթական ու մշակութային առաքելութիւնը։