Welcome to the Eastern Diocese, Fr. Vartan & Fr. Vazgen

Welcome to the Eastern Diocese, Fr. Vartan & Fr. Vazgen

This week our Diocesan Primate Bishop Mesrop Parsamyan and Vicar Fr. Simeon Odabashian welcomed two new priests to the Eastern Diocese: Fr. Vartan Hayrapetyan and Fr. Vazgen Andreasyan. They have been assigned to serve in our Diocese by His Holiness Karekin II, Supreme Patriarch and Catholicos of All Armenians.

Their formation will begin with a three-month enculturation period, allowing them to immerse themselves in the pastoral, cultural, and liturgical life of the Eastern Diocese. This time will be dedicated to understanding the spiritual needs of the faithful, engaging with parish communities, and familiarizing themselves with the unique realities of serving in the Armenian Church in the United States.

Their preparation will be followed by a year-long internship, during which they will gain hands-on experience in parish ministry, learn from seasoned clergy, and actively participate in the life of the Church. With God’s grace, upon completing this process, they will be officially received into the Diocese and entrusted with their pastoral assignments. Please keep them in your prayers as they embark on this sacred journey of service to the Faithful community.

* * *

Երկու Նոր Քահանաներ

Այս շաբաթ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ Մեսրոպ Եպիսկոպոս, եւ Փոխանորդը՝ Հոգշ. Հ. Սիմէոն Աբեղայ Օտապաշեան երկու նոր քահանաներ դիմաւորեցին, որոնք պիտի հաստատուին Արեւելեան Թեմին մէջ: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Կաթողիկոսին տնօրինութեամբ՝ Արժ. Տ. Վարդան Հայրապետեան եւ Արժ. Տ. Վազգէն Անդրէասեան քահանաները պիտի ծառայեն Արեւելեան Թեմին մէջ:

Երկու քահանաները կը սկսին երեքամսեայ մշակութային ծանօթութեան իրենց  ժամանակշրջանը, սորվելու եւ փորձառութիւն ստանալու մեր Արեւելեան Թեմին հովուական, մշակութային, ծիսական սովորութիւններուն եւ իրականութեան: “Պիտի կեդրոնանան ընկալելու հաւատացեալնեորւն հոգեւոր կարիքները, ծուխերուն եւ ծխականներուն հետ շփուելու եւ ընտանենալու Միացեալ Նահանգներուն մէջ Հայ Եկեղեցւոյ ծառայութեան համար պէտք եղած իրականութիւններուն ընտանութեան եւ գիտութեան,” բացատրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը:

Սկզբնական ծանօթութեան պիտի յաջորդէ փորձառութեան միամեայ ժամանակը, երբ անոնք պիտի ծառայեն նշանակուած ծուխի մը մէջ՝ փորձառու հոգեւոր հովիւի մը առաջնորդութեան տակ: Նորահաստատ քահանաները պիտի ձեռք բերեն ծխական վարչութեան փորձառութիւն՝ մասնակցելով մեր Եկեղեցւոյ կեանքին:

“Այս ընթացքը աւարտելէ յետոյ, Աստուծոյ շնորհքին օրհնութեամբ, այս երիտասարդ քահանաները կանոնականօրէն պիտի ընդունուին մեր Թեմին մէջ, եւ պիտի նշանակուին իրենց հովուական պաշտօններուն,” ըսաւ Մեսրոպ Սրբազան, “կը խնդրեմ որ աղօթէք Տէր Վարդանի եւ Տէր Վազգէնի համար, որպէսզի բարւօք ընթանան իրենց սրբազան այս ծառայութեան ճանապարհին վրայ:”

Leave a Comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.

Support Our Programs