Three Primates of North America Meet in New York

Three Primates of North America Meet in New York

Leaders of the three Armenian Church dioceses of North America held their latest meeting on Tuesday, October 14, at the St. Vartan Cathedral Complex in New York City.

Archbishop Hovnan Derderian, Primate of the Western Diocese; Bishop Abgar Hovakimyan, Primate of Canada; and Bishop Mesrop Parsamyan, Primate of the Eastern Diocese, met to discuss mutual concerns ranging from spiritual matters to practical issues of church administration. The three arajnorts gather formally at least twice a year, in one of their respective diocesan centers.

Topics under discussion included collaboration and resource sharing among the three dioceses; pastoral and educational initiatives; advances in youth and lay ministry; and current challenges in Armenia.

Fr. Hratch Sargsyan, director of Diocesan Ministries, joined the bishops for part of the meeting to describe the department’s activities in Christian and Armenian education, youth ministry, and digital outreach. Clergy from several parishes in the New York-New Jersey region enjoyed lunch with the bishops.

The meeting continued on Wednesday with presentations at St. Nersess Seminary in Armonk, NY, focused on theological education, clergy formation, and strengthening ties across the North American dioceses.

To conclude their meeting, the Primates issued a joint statement on the recent arrests of clergy in Armenia. Click here to read it in English and Armenian.

They also offered prayers for the peace and security of the homeland and the people of Armenia and Artsakh, as well as for the prosperity the Armenian Church in North America, Armenian faithful worldwide, and the Mother See of Holy Etchmiadzin.

Click here to view photos. Scroll down to Diocesan News to read about the meeting in Armenian.

Pictured (seated l-r); Archbishop Hovnan Derderian, Bishop Mesrop Parsamyan, and Bishop Abgar Hovakimyan, leaders respectively of the Western, Eastern, and Canadian dioceses, joined by clergy from the Eastern Diocese, in St. Vartan Cathedral in New York.

* * *

Հիւսիսային Ամերիկայի Սրբազան Առաջնորդներու Հանդիպում

Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հիւսիսային Ամերիկայի երեք Առաջնորդ Սրբազանները հանդիպեցան հոկտեմբեր 14 եւ 15 օրերուն, Արեւելեան Թեմին Առաջնորդարանին մէջ՝ Նիւ Եորք:

Մեսրոպ Եպս. Պարսամեան հիւրընկալեց Արեւմտեան Թեմին Առաջնորդ՝ Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեան, եւ Գանատայի Առաջնորդ Աբգար Եպս. Յովակիմեան Սրբազանները երկօրեայ հանդիպումով, Մանհաթթանի մէջ:

Առաջնորդները քննեցին թէ ինչպէս կարելի է աւելի սերտ գործակցութիւն հաստատել իրարու միջեւ, հնարաւորութիւններու արդիւնաւէտ կիրարկումով, կղերին եւ աշխարհական ղեկավարներուն ներդրումներն ու թելադրութիւնները հրաւիրելով: Նախնական քայլեր առնուեցան կազմելու համար միջթեմական կղերականներու համագումար մը, ինչպէս նաեւ առանձին Թեմական Խորհուրդներու անդամներէն կազմուած ժողովի մը: Հեռակայ ձեւաչափով հանդիպում մը պիտի կազմակերպուի նախ քան անձնական ներկայութեամբ համագումար մը կոչելը, որ կը ծրագրուի ժողովել յառաջիկայ տարին՝ ամէնուն դիւրաւ մատչելի վայրի մը մէջ: Այս միացեալ գործակցութեան նպատակն է կազմակերպել կղերին վերապատրաստման ծրագիրներ, երիտասարդ սերունդին առաքելութիւնը եւ մշակելու հոգեւոր կոչումները՝ անոնց որ կը փափաքին ծառայել Հայաստանեայց Եկեղեցիին:

Նախ քան յետ-միջօրէի ժողովին, Առաջնորդ Սրբազաններուն միացան կէսօրուայ ագապին Արեւելեան Թեմին Նիւ Եորքի մայրաքաղաքային տարածքին ծառայող ծխատէր հովիւները: Յատուկ ուշադրութեամբ քննուեցան թեմերուն հնարաւորութիւնները միասնաբար արդիւնաւորելու, հովուական եւ կրթական յայտագիրներու ձեռնարկելով, պատանեկան եւ երիտասարդական ինչպէս նաեւ աշխարհականներու ուղղուած առաքելական ծրագիրներ մշակելով: Առաջնորդ Սրբազանները համաձայնեցան ձեռնարկելու կղերին փոխայցելութիւններ, հանդիպումներ եւ յատուկ միասնական աղօթքներու հաւաքոյթներ, ինչպէս օրինակի համար Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին:

Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 15-ին Առաջնորդ Սրբազանները այցելեցին Սուրբ Ներսէս Ընծայարան, Արմոնք, Նիւ Եորքի նահանգ: Ընծայարանին Տնօրէն, Տէր Մարտիրոս Աւագ Քհն. Չեւեան, ընդունեցաւ Սրբազան Առաջնորդները, որոնք այցելեցին նորակառոյց բաժինները, խօսակցեցան ընծայացուներուն եւ ուսուցիչներուն հետ: Առաջնորդները շարունակեցին իրենց ժողովը Ընծայարանին Խնամակալ Մարմնին հետ, քննարկելով թէ ինչպէս կարելի է միացեալ ջանքերով զարկ տալ կոչումներու մշակման:

Յետ կէսօրուայ ագապին՝ ընծայացուներուն, ուսուցիչներուն եւ Խնամակալ Մարմնին անդամներուն հետ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը վերադարձան Նիւ Եորք քաղաք եւ ապա իրենց Թեմերը:

Leave a Comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.

Support Our Programs