Հաւատք—Ո՛չ Վախ

Հաւատք—Ո՛չ Վախ

Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմը նոյեմբեր 7–9 շաբաթավերջին  գումարեց ՀԵԵԿ Երէցներուն Աշնանային հոգեւոր կրթութեան հաւաքոյթը Սբ. Եակովոս Կեդրոնին մէջ (Քանզասվիլ, Վիսքոնսին): Մասնակցեցան 60 երիտասարդներ, Թեմին 24 Ծուխերէ, խոկալու համար “Հաւատք—Ո՛չ Վախ” բնաբանով:

Երիտասարդները խանդավառ էին Մեսրոպ եպս. Պարսամեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր մասնակցութեամբ, եւ առիթն ունեցան սորվելու անկէ  եւ խօսելու անոր հետ: Առաջնորդ Հայրը վարեց առաջին մտածականը՝ “Քաջութիւն Աստուծոյ Զօրութեամբ” բնաբանով, որ գծեց շաբաթավերջի հաւաքոյթին հոգեւոր հայեցողութեան ընդհանուր ուղղութիւնը:

“Աշխարհի մը մէջ, որ յաճախ կը հրահրէ մտահոգութիւն ու անվստահութիւն,” խորհրդածեց Սրբազան Հայրը, “մենք հաւաքուած ենք վերյիշելու որ հաւատքը աւելի հզօր է քան վախը. եւ որ երբ մեր վստահութիւնը կը դնենք Աստուծոյ վրայ, կարող ենք դիմագրաւել ամէն դժուարութիւն՝ խաղաղութեամբ մեր սրտերուն մէջ եւ քաջութեամբ՝ մեր քայլերուն:”

Երիտասարդ մասնակիցներուն իրենց հոգեւոր պատգամը բերին նաեւ արժանաշնորհ հայրեր Տ. Եփրեմ Քելէկեան, Տ. Անդրէաս Կարապետեան, Տ. Հրաչ Սարգսեան, եւ Տ. Սահակ Քէիշեան, որ կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագը մատոյց: Երիտասարդական կազմակերպութեան Կեդրոնական Խորհուրդին անդամներ վարեցին խմբական զրոյցներ եւ ներկայացուցին ՀԵԵԿ Երէցներուն ծրագրած ձեռնարկութիւնները:

Մասնակիցները վայելեցին բնութեան գեղեցիկ միջավայրը եւ կէս-գիշերային մոմավառութեան թափօրով աղօթեցին շրջապատին անտառուտ կածաններով:

ԱՆոնց միացան նաեւ Թեմին միջին-արեւմտեան ծուխերուն քահանաներ, Տ. Աւետիս Գալայճեան եւ Տ. Յովհան Խոճա–Էյնատեան, Թեմական Առաքելութիւններուն պաշտօնէութենէն՝ Ճենիֆըր Նորրիս եւ Արմէն սարկաւագ Թերճիմանեան. Սբ. Ներսէս Ընծայարանին ժառանգաւորները եւս մասնակից էին այս հաւաքոյթին եւ սպասարկեցին շաբաթավերջի ընթացքին մատուցուած ծիսական արարողութիւններուն:

Leave a Comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.

Support Our Programs