Այսօրուայ աւետարանին հատուածը կը կազմէ Ղուկասի 16րդ գլուխը: Աւետարանիչը կը ներկայացնէ Տէր Յիսուսի ուսուցումը՝ թէ ո՛րն է ճշմարիտ կերպը տնտեսելու մեր նիւթական հարստութիւնը: Տիրոջ երեք անջատ խօսքեր թէ՝ ինչպէս կարելի է մտնել իր արքայութիւնը, Աստուծոյ օրէնքին յաւիտենական նկարագիրը, եւ ամուսնութեան անլուծանելի ըլլալը՝ կը կապեն իմաստուն տնտեսին, եւ աղքատ Ղազարոսին առակները. առակներ, զորս միայն Ղուկաս կ’աւանդէ:
Այս երկու առակներուն գլխաւոր նպատակն է սորվեցնել՝ որ ամէն ոք, ի վերջոյ, հաշիւ պիտի տայ Երկնաւոր Հօր: Ուստի լաւ է՝ որ մտնենք այս դպրոցը եւ սորվինք թէ ինչ օրէնքով պէտք է լարենք մեր խիղճը. նաեւ՝ թէ ի՛նչպէս պարտ ենք ապրիլ, հետեւելով մեր այսպէս լարուած խղճին, որպէս Աստուծոյ արքայութեան ընտիր քաղաքացիներ այս երկրի վրայ— եւ արժանանանք ժառանգելու Աստուծոյ հաճութիւնը երկնքի մէջ:
“Մեծահարուստ մարդ մը կար, որ տնտես մը ունէր: Ասոր մասին ամբաստանութիւն ներկայացուցին տիրոջ, իբրեւ թէ իր ստացուածքը վատնէր:”
Մեծահարուստ տէրը կ’որոշէ քննել եթէ ամբաստանութիւնը ստուգիւ կը համապատասխանէ՞ր իրականութեան:
Մեր առջեւ կը նկարուի ատեան մը, ուր տեղի կ’ունենայ նախ քննութիւնը եւ ապա դատաստանը. ամբաստանեալը տնտեսն է, որպէս թէ վատնած ըլլար իր տիրոջ ինչքերը: Դատաւորը տէրն է, որովհետեւ վատնուած ինչքերը իր սեփականութիւնն էին: Տէրը հաշիւ կը պահանջէ տնտեսէն. Պատրաստէ՛—կ’ըսէ—տետրակներդ եւ բեր այստեղ. տեսնեմ թէ որքան վատնած ես ինչքերս. կորսնցուցած եմ քու վրադ դրած վստահութիւնս. այլեւս հաւատք չունիմ քու վրադ, ուստի որոշած եմ հեռացնել քեզ այդ պաշտօնէդ. չես կարող իմ տնտեսս ըլլալ:
Տնտեսը լաւ գիտէր—ան երկար տարիներ ծառայած էր իր Տիրոջ—որ պէտք չունէր ինքզինք արդարացնել չարախօսներուն առջեւ, այլ՝ իր տիրոջ. ուստի պատրաստեց տետրակները եւ ներկայացուց զանոնք անոր—Յիսուն մար ձէթ… Ութսուն քոռ ցորեն… եւ այսպէս՝ երկար ցուցակ մը, հաստափոր մատեան մը. Տէրը մեծահարուստ էր:
Երկար օրեր Տէրը քննեց եւ ստուգեց տեղեկութիւնը, եւ տեսաւ որ ինչքերէն ոչինչ պակաս էր, որովհետեւ տնտեսը պարտապաններուն շնորհած էր միայն իր անձին ինկող բաժը, եւ չէր խորած տիրոջ իրաւունքէն:
Տէրը գովեց տնտեսը, որովհետեւ փոխանակ պարտապաններէն գանձելու իրեն ինկած բաժը՝ ան իր գանձը դիզած էր պարտապաններուն երախտագիտութիւնը շահելուն մէջ. իմաստութեամբ թարգմանած էր թէ ճիշդ ի՛նչ կը նշանակէր հաւատարիմ ըլլալ տիրոջ հաշիւին մէջ:
Տնտեսը իր գործով փաստած էր որ արդարեւ համեղ աղ էր, չէր կորսնցուցած իր համը, եւ թէ սուտ էր իր դէմ նետուած ամբաստանութիւնը. ինք չէր վատնած իր տիրոջ ստացուածքը:
Տէրը հաճեցաւ իր տնտեսին իմաստութեան վրայ. ծառան ի թերեւ չէր հանած տիրոջ յոյսը՝ զոր ան իր վրայ դրած էր, որովհետեւ հաւատարիմ գտնուած էր ոչ թէ իր անձին, այլ՝ տիրոջ ինչքերուն հանդէպ. իր պաշտօնէութեան ընթացքին՝ ան միշտ քաջ գիտէր որ չունէր բազմաթիւ պարտապաններ, այլ ունէր միայն մէկ տէր. եւ այդ տիրոջ անունը սուրբ պէտք էր պահել, անոր կամքը պէտք էր կատարել՝ երկրի վրայ եւ երկնքի մէջ. իրեն տրուած իշխանութեամբ՝ պէտք էր թողուլ իրեն հանդէպ պարտապաններուն ունեցած պարտքերը՝ առանց ուտելու երկնաւոր Հօր ստացուածք-ճշմարտութիւնը:
Երբ դուրս գանք այս տաճարին յարկերէն՝ ի՞նչ լոյսէ պիտի առաջնորդուինք յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին, որպէսզի պատրաստենք մենք զմեզ դիմաւորելու յարութիւն առած Տէրը՝ սուրբ Զատկուայ առաւօտ կանուխ: Ո՞ր դպրոցը յաճախենք որպէսզի ստանանք Երկնաւոր Հօր հոգին ու միտքը, այնպէս որ ինչ որ բարձր ըլլայ մեր մարդկային դատաստանով՝ պիղծ չըլլայ Հօր առջեւ:
Ի՞նչ պէտք է ընենք, որպէսզի մնանք ընտիր եւ օրհնուած աղ երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ, այնպէս որ Ան առանց աղին համը ստուգելու, առանց տատամսութեան համեմէ իր ստեղծագործութիւնը մեր ամէն եւ իւրաքանչիւր խօսքով, վերաբերումով, գործով: Մկրտութեամբ մեր մէջ կայծ դրած բոցով՝ Իր արքայութեան լոյսը սփռէ բոլոր անոնց վրայ որ մեզի կը մերձենան:
Մինչեւ յաջորդ կիրակի եօթը օր ունինք. երբ վերադառնանք Հօր ներկայութեան՝ ի՞նչ տետրակ ներկայացնենք. քանի՞ պարտապանի պարտք ներած ըլլանք: Քանի՞ հոգիի բարի խորհուրդ տուած: Քանի՞ չարին շղթաներով բանտարկեալի այցելած: Քանի՞ երկնաւոր Հօր սիրոյն չքաւոր կերակրած: Քանի՞ շնորհքի կեանքին սգաւոր մխիթարած…
Հազիւ դուրս գանք այս սուրբ պատերէն, պիտի քալենք ականատես կամ ականջալուր չարիքներու բաբելոնական հնոցի մը մէջէն. փողոցը քալած ատեն մեր ականջին հասած իւրաքանչիւր հայհոյանքի բորբոքած կրակին փոխարէն մտածենք աղօթել “Փառք Հօր”ը, որպէս հատուցում մեր Երկնաւոր Հօր դէմ նետուած անարգանքներուն, հոգ չէ թէ ըլլայ այդ դոյզն կաթիլ մը կենդանարար ջուրի՝ եւ ոչ թէ զովացնող հրեշտակին էջքը: Մեզ շրջապատող ծով չարիքներուն մէջ՝ ի՞նչպէս քալենք դէպի Տէր Յիսուս եւ չընկղմինք փոթորկոտ ալիքներու մէջ:
Այս շաբթուան ընթացքին ի՞նչպէս համապատասխանենք Սուրբ Հոգիին շնորհքներուն՝ որ ամենահարուստ Երկնաւոր մեր Հօր վստահութիւնը շահինք:
Յաջորդ կիրակի օր երբ մեր ներկայացնելիք տետրակը ունենայ մէկ կամ երկու տող միայն, լաւ՝ ըսենք երեք տող, չյուսալքուինք, այլ խնդրենք Տիրոջմէ որ ընդունի մեր անսահման կարօտութենէն այդ դոյզն հաղորդութիւնը իր տաճարին գանձարանին մէջ: Մեր Աստուածը առատաձեռն է, եւ պիտի ուրախանայ մեր երկու տողերուն համար՝ ինչպէս ուրախացաւ չքաւոր այրիին երկու լումայով:
Եւ այն ատեն մեր չորացած ոսկորներուն նոր կեանքով յարութիւն պիտի տայ. այն ատեն մեր այս փոքրիկ ծուխը պիտի հաստատէ որպէս իր կենդանի մարմինը՝ իր Հոգիով զեղուն. այն ատեն երկնաւոր Հօր արքայութիւնը պիտի ծագի մեր մէջ ամէն օր՝ արեւու նման՝ եւ սփռէ իր լոյսը ամէնուն վրայ. ոչ թէ մատին ծայրով կաթիլ մը ջուր պիտի տանք այն ատեն ծարաւիներուն, այլ երկնաւոր Հօր հետ պիտի անձրեւենք իր առատ շնորհքները ամէնուն վրայ. Իր արքայութիւնը պիտի բերենք. Իր կամքը պիտի կատարենք այս երկրի վրայ ինչպէս կը կատարուի երկինքի մէջ: Այն ատեն ամէն լեզու պիտի խոստովանի որ սուրբ է մեր Հօր Անունը: Այն ատեն երկնաւոր Հայրը պիտի հրճուի իր զաւակներով՝ տեսնելով անոնց մէջ իր հարազատ նմանութիւնն ու սէրը. այն ատեն քրիստոնեան ճշմարիտ հաւատացեալ պիտի ըլլայ՝ ոչ այն թերի չափով որով ան Աստուծոյ կը հաւատայ, այլ՝ այն լեցուն, թաթաղուն չափով որով Աստուած անոր կը հաւատայ:
Խնդրենք այս մեծ շնորհքը մեր սուրբ հայրերուն աղօթքով: