In his Easter message, Diocesan Primate Bishop Daniel asks, “What does the resurrection look like? What does the grace of Easter look like?” And he finds an answer among the villages of Armenia. Read the Primate’s message here, in English and Armenian.
* * *
The Easter Message of His Grace Bishop Daniel
Primate of the Eastern Diocese of the Armenian Church of America
What did the first Easter morning look like? What does resurrection look like?
In the Armenian Church’s tradition of sacred art, there are no icons of Jesus rising from death to life. Many of us have seen romantic European paintings of Jesus, robed in white, hovering above the ground, his hands held high, sometimes holding a flag of victory. We may have even seen paintings like this hanging in our own churches. But authentic Armenian Easter icons do not depict Jesus at all. They portray the women, the angels and the empty tomb. Why is Jesus missing? Because the angels themselves said, “He is not here; for he has risen…”
So where is the risen Lord? What does the resurrection look like? What does the grace of Easter look like?
I will tell you.
A few weeks ago, I was in Armenia. I had the opportunity to meet four young priests. Each one pastors several villages in the province of Aragadzodn, at the foot of Mount Aragadz. These are remote, rustic settlements, located far from paved roads, where the people live in the humblest conditions.
Each of the priests is married with children. Neither one receives a regular paycheck. Each relies on the gifts that villagers may or may not offer at the time of a baptism, a marriage or a funeral. One month $80, another month $200, the next month $60. Each Der Hayr rumbles from village to village in his own 50-year-old soviet-era car, praying that the vehicle survives the mud-paths. A flat tire could cost him his entire month’s income.
The priests pray for the good health of their families, since health insurance is far beyond their means.
I asked, “How do you put food on the table, and take care of your family when you don’t know how much money is coming in?”
“God provides,” Der Tadeh said, smiling tenderly.
I turned to Der Datev, who holds a degree in accounting. “Why did you choose to become a priest, knowing that you may never have a dependable source of income to support a family?”
“God provides,” he said, securely.
With breathless enthusiasm, Der Vazken told me about celebrating Badarak in the open air, on a table abutting the wall of a ruined medieval monastery.
Der Sarkis told me about visiting the schools, making friends with the children, and through them, meeting the parents in their humble homes to pray with them, to read the Bible with them, to listen to them.
This is what Easter looks like.
“He is not here,” the angels said on that first Easter morning. I am sure that the Spirit of the risen Lord is there in the heart of Der Tadeh, Der Datev, Der Sarkis, Der Vazken, and of countless others who give themselves faithfully, fully, and fearlessly for the good of other people. The resurrection is not about an event 2000 years ago: it is about the very highest dignity that a human being can attain today, by God’s grace. Easter is about pure self-giving, caring first for others, sacrificial love; life at the risk of death; readiness to serve; following the example of Christ; uplifting others without any expectation of reward. The resurrection is about being an agent of what is good and true; coming to know, and to love and to trust fully in the God who “provides.”
That’s what resurrection looks like. That’s what divine life looks like.
Christ is risen from the dead. Blessed is the resurrection of Christ.
* * *
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս․ Զատկուայ Պատգամը – 2022
Զատկուայ առաջին առաւօտը ի՞նչ կերպ ունէր։ Ինչպիսի՞ն էր։ Յարութեան խորհուրդը ի՞նչ տեսք ունի։
Հայ Եկեղեցւոյ սրբանկարչութեան աւանդութեան մէջ, յարութիւնը պատկերող սրբանկարներուն մէջ, յիսուս ներկայ չէ։ Մեզմէ շատեր այդ տեսարանը տեսած են եւրոպական նկարիչներու կողմէ Յիսուսի Յարութիւնը պատկերող արուեստի գործերէն։ Ռոմանթիք նկարներ են անոնք՝ որոնք Յիսուսը կը ներկայացնեն սպիտակ զգեստով, ձեռքերը բարձր պահած, երբեմն յաղթանակի դրօշը բռնած գետնէն դէպի երկինք ելլելով:
Շատ հաւանաբար, նմանօրինակ նկարներ մենք տեսած ենք մեր եկեղեցիներէն ներս ալ կախուած։ Սակայն, իսկական հայկական Ս․ Յարութեան տօնին նուիրուած սրբապատկերները ընդհանրապէս Յիսուսը չեն ընդգրկէր: Այդ նկարներուն մէջ մենք կը տեսնենք կիները եւ հրեշտակները բաց եւ թափուր գերեզմանին շուրջ։
Բայց ինչո՞ւ Յիսուսը կը բացակայի այդ նկարներէն: Որովհետեւ հրեշտակները ըսին՝ «Ան այստեղ չէ. քանզի Ան Յարութիւն առած է…»։
Ուրեմն ու՞ր է յարուցեալ Տէրը: Ինչպիսի՞ն է Յարութիւնը: Ի՞նչն է Զատիկի խորհուրդը:
Ես ձեզի պիտի ըսեմ։
Մի քանի շաբաթ առաջ Հայաստան կը գտնուէի։ Ես առիթ ունեցայ հանդիպելու չորս երիտասարդ քահանաներու:
Անոնցմէ իւրաքանչիւրը հոգեւոր հովիւ է Արագած լեռան ստորոտին գտնուող Արագածոտնի գաւառի մի քանի գիուղերու։ Ասոնք հեռաւոր, գեղջուկ բնակավայրեր են, որոնք կանոնաւոր ճամբաներ չուին. ուր մարդիկ ամենախոնարհ, չըսելու համար աղքատ պայմաններու մէջ կ՛ապրին։
Քահանաներէն իւրաքանչիւրը ամուսնացած է, եւ ունի երեխաներ։ Անոնցմէ ո՛չ մէկը շնորհքով եւ կանոնաւոր եկամուտ մը ունի: Իւրաքանչիւրին եկամուտը հիմնուած է այն նուէրներուն վրայ, որոնք գիւղացիները կարող են կամ անկարող են տալու, մկրտութեան, ամուսնութեան կամ թաղման ժամանակ: Ամիս մը անոնց եկամուտը կրնայ ըլլալ 80 տոլար, ուրիշ ամիս մը 200 տոլար կամ յաջորդական ամիս մը 60 տոլար միայն:
Այդ շրջանի իւրաքանչիւր քահանայ հայր, մէկ գիւղէն միւսը կը ճամբորդէ խորհրդային ժամանակաշրջանէն մնացած իր յիսուն տարուայ հին ինքնաշարժով, աղօթելով որ այդ ինքնաշարժը ճամբաներու ցեխին մէջ առանց մխրճուելու իրենց տեղը հասցնէ. առանց անիւը պայթելու, որովհետեւ նման փորձանք մը կրնայ ծախսալից ըլլայ եւ իր ամբո՛ղջ ամսավճարը արժենայ։
Քահանաները կ՛աղօթեն իրենց ընտանիքներու առողջութեան համար, քանի որ բժշկական ապահովագրութիւնը իրենց եկամուտէն շատ աւելի բարձր է։
Ես հարցուցի թէ. «Ինչպէ՞ս հաց կրնաք դնել ձեր սեղանին, եւ հոգալ ձեր ընտանիքին պէտքերը, երբ չէք գիտէր, թէ որքա՞ն եկամուտ պիտի ունենաք այդ ամիս»:
«Աստուած կ՛ապահովէ» պատասխանեց Տէր Թադէն մեղմ ժպտալով:
Իսկ երբ հարցուցի Տէր Տաթեւին, որ հաշուապահի վկայական ստացած է. «Ինչո՞ւ ընտրեցիք քահանայ դառնալ՝ գիտնալով հանդերձ թէ երբէք կայուն եկամուտի աղբիւր մը պիտի չունենաք ընտանիք պահելու համար»։
«Աստուած կ՛ապահովէ» ըսաւ:
Տէր Վազգէնը խանդավառութեամբ պատմեց ինծի թէ ինչպէս Պատարագը բացօթեայ մատուցած է, միջնադարեան աւերակ վանքի մը պատին կից սեղանի մը վրայ:
Իսկ Տէր Սարգիսը տեղեկացուց ինծի, թէ ինչպէս դպրոցներ կ՛այցելէ, մանուկներուն հետ ընկերանալու եւ անոնց միջոցով ծնողներուն հետ իրենց խոնարհ տուներու մէջ հանդիպելու, որպէսզի անոնց հետ կարենայ աղօթել, անոնց հետ Աստուածաշունչը կարդալ, ականջ դնելով անոնց պատմածներուն։
Ահա թէ ի՛նչ տեսք ունի Զատիկը: «Ան այստեղ չէ» ըսին հրեշտակները Զատկի առաջին առաւօտեան:
Վստահ եմ, որ Յարութիւն առած Տիրոջ Հոգին այնտե՛ղ է Տէր Թադէի, Տէր Տաթեւի, Տէր Սարգիսի, Տէր Վազգէնի եւ անթիւ ուրիշներու սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, ովքեր իրենք զիրենք կը նուիրեն հաւատքով զինուած, լիովի՛ն եւ անվախ՝ յանուն այլ մարդոց բարօրութեան:
Յարութիւնը 2000 տարի առաջ տեղի ունեցած իրադարձութեան մը մասին չէ միայն, այլ ամենավեհ առաքինութեան, շնորհք ունենալու մասին է, որուն մարդ արարածը կրնայ հասնիլ այսօր Աստուծոյ շնորհիւ:
Զատիկը ամբողջ հոգիով եւ մաքուր սրտով անձնատուր ըլլալու, ամէնէն առաջ ուրիշներուն մասին հոգալու, զոհաբերուելու պատրաստ սիրոյ մասին է։ Կեանքը մահուան վտանգի տակ դնելով, ծառայելու պատրաստակամութիւնն է։ Քրիստոսի օրինակին հետեւելով, բարձրացնել ուրիշներուն՝ առանց վարձատրութեան ակնկալիքի: Յարութիւնը բարիի եւ ճշմարիտի ներկայացուցիչը ըլլալու մասին է, ինչպէս նաեւ ճանչնալու, սիրելու եւ Աստուծոյ լիովին վստահելու։ Այո՛, անոր՝ որ «կ՛ապահովէ»:
Ահա թէ ի՛նչ տեսք ունի Յարութիւնը եւ ի՛նչ տեսք ունի աստուածային կեանքը:
Ահա, ա՛յս խոհերով, սիրելիներ, կը շնորհաւորեմ ձեր բոլորին սուրբ Զատիկը եւ կ՛ողջունեմ ձեզ ըսելով՝
Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց։ Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։
# # #
One Comment
Pingback/Trackback
April 15, 2022 at 6:23 pm
WATCH: Bishop Daniel's Video Easter Message - The Armenian Church