Holiness in Exile: St. Vahan of Goghtn

Holiness in Exile: St. Vahan of Goghtn

Today, the Armenian Church calendar remembers St. Vahan of Goghtn: an 8th-century saint whose life of exile, wandering, and faithful defiance of persecution, speak to the larger story of the Armenian people.

As a child, Vahan was taken into custody with many other children of Armenian nobility who had been killed for their Christian faith. The Arab overlords took them to Damascus, where Vahan and the other children were taught the Islamic faith. He prospered and attained a high position in the court; and when the overlords granted now-adult Armenians the chance to return home, Vahan seized it.

Home at last, Vahan confirmed his Christian faith; he married and established himself over his late father’s lands. But the Arabs demanded his return. Thus began years of desperate flight, as Vahan was pursued from place to place (including the Monastery of the Miraculous Holy Cross in Yerashkhavor, shown here), always driven on by his concern that his lingering presence would endanger those around him. Ultimately, he surrendered himself to his persecutors, was imprisoned, tortured, and finally martyred for his faith in Christ. But his brave life was remembered, and honored in sharagans still sung in the Armenian Church.

Read more about St. Vahan’s life and martyrdom in Armenian below.

* * *

7–8րդ Դարերու Մարտիրոս Իշխաններ–Վահան Գողթնացի

Վահան զաւակն էր Խոսրով Գողթն գաւառի իշխանին. չորս տարեկան հասակին՝ պատանդ տարուած էր Դամասկոս, արաբական արքունիք, հաւանաբար 704 կամ 707 տարին (թուականը ստոյգ չենք գիտեր): Արքունի դպրատան մէջ ստացաւ կրթութիւնը եւ իր ուշիմութեամբ մտաւ Օմար խալիֆայի անձնական դիւանադպրութեան մէջ: 719 թուականին, Օմար գերի բերուածներուն շնորհեց վերադառնալ իրենց հայրենիքը, շնորհիւ Յովհաննէս Օձնեցի Կաթողիկոսին միջնորդութեան: Վահան եւս փափաքեցաւ առիթն առնել այս հրամանէն եւ դառնալ իր ծննդավայրը:

Խալիֆան տրամադիր չէր, բայց երբ Վահան խոստացաւ վերադառնալ, տուաւ անոր հրովարտակ որ երթար եւ իր հայրենի ժառանգութիւնը վերստանար, եւ գործակալներ դնելով գար ետ աքունիք: Իր հայրենիքը հասնելուն՝ Վահան իմացաւ Օմար ամիրապետին մահուան լուրը, եւ ինքզինք ազատ համարեց վերադառնալու խոստումէն, ու մնաց Գողթն: Այնտեղ ամուսնացաւ Սիւնեաց իշխանին ազգականներէն ազնուական օրիորդի մը հետ, որուն անունը պատմիչները չեն արձանագրած:

Սակայն 732 թուականին, Հեշամ ամիրային իմացուցին որ Վահան քրիստոնէութեան դարձած էր եւ ամիրան հրաման ղրկեց որ վերադառնայ արքունիք: Վահան որոշեց գաղտնաբար հեռանալ եւ ապաստան գտնել բիւզանդական կայսրութեան սահմաններէն ներս, բայց իր կինն ու ազգականները տեսնելով անոր պատրաստութիւնը, կ’իմանան այս ծրագիրը եւ կ’ուզեն հասկնալ թէ ինչ էր պատրաստութեան այս պատճառը: Վահան կը յայտնէ անոնց որ հրաման ստացած էր Դամասկոս վերադառնալու եւ կը համոզէ իր ազգականները որ զինք ազատ թողուն: Ուստի կինը անոր ընտանիքին խնամքին յանձնելով, Վահան կ’երթայ Վրաստան, եւ շուրջ տարի մը այն կողմերը մնալով կը մտածէ որ իր հետքը կորսնցուցած կ’ըլլան, կը դառնայ Հայաստան, եւ ապաւէն կը խնդրէ Արագածոտն գաւառին Յովհաննավանքի մէջ: Դաւիթ կաթողիկոս եւ Աշոտ Բագրատունի պատրիկը խորհուրդ կու տան որ ուրիշներուն վնաս չհասնցնելու համար անապատական դառնայ:

Վահան կը քաշուի Շիրակի մէջ վանք մը, եւ ապա Նիգ գաւառի Թեղենեաց վանքը: Ի վերջոյ, Վահան կ’որոշէ որ պիտի ներկայանայ Դամասկոսի արքունիք եւ պիտի պաշտպանէ իր քրիստոնեայ դառնալը, փաստելով որ ինք իսլամութիւնը կամքով ընդունած չէր, այլ փոքր տարիքին պատանդ բերուելով այդպէս դաստիարակուած էր: Հակառակ որ ոմանք խորհուրդ տուին Վահանի որ չերթար Դամասկոս, ան ճամբայ ելաւ դէպի Մաքենեաց վանք, եւ Սբ. Խաչի տօնէն յետոյ՝ դէպի Երաշխաւոր վանքը, Բզնունեաց Արծկէ քաղաքին մօտ, որուն վանահայրը՝ Արդաւազդ վարդապետ յետոյ պիտի գրէր Վահանի նահատակութեան պատմութիւնը. ապա կ’անցնի Եդեսիա եւ տեղեկանալով որ Հեշամ Ամիրան կը գտնուէր Ռուզաֆա քաղաքը եւ ոչ թէ Դամասկոս, կը հասնի այդ տեղ եւ իր ինքնապաշտպանութեան գիրը կը յանձնէ արքունիք: Հեշամ Ամիրան կը փորձէ խոստումներով համոզել որ Վահան դառնար դէպի իսլամութիւն, բայց մերժուելով՝ կը դատապարտէ զայն գլխատման: 737 թուի Մարտ 18-ին, Աւագ Երկուշաբթի օր Վահան կը գլխատուի: Արտաւազդ Վարդապետ 744-ին ուխտի կու գայ Ռուզաֆա եւ գրի կ’առնէ Վահանի վկայաբանութիւնը:

* * *

Երաշխաւորի Սքանչելագործ Սուրբ Նշան Վանքը, 7րդ դարու վերջ–8րդ դարու սկիզբ: Այս վանքին մէջ կատարուած է Աշոտ Ա թագաւորին օծումը 884-ին:

Leave a Comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.

Support Our Programs