Վասն զի մանուկ մը ծնաւ մեզի, որդի մը տրուեցաւ մեզի, որուն ուսերուն վրայ էր իր իշխանութիւնը եւ որուն անունը կոչուեցաւ «մեծ խորհուրդի Հրեշտակ, սքանչելի Խորհրդակից, Աստուած Հզօր, Իշխան, Հայր հանդերձեալ աշխարհին։ (ԵՍԱՅԻ, Թ 6)
Պատկերացուցէք ձեր երեւակայութեան մէջ Ս․Ծննդեան հանրածանօթ տեսարանը՝ աստղալից զովաշունչ երկինք մը Բեթղեհէմ քաղաքին վերեւ, Աստուծոյ բոլոր արարածներուն միջեւ համերաշխութիւն, որ կը մէկտեղէ հրեշտակներ, մարդիկ եւ անասուններ, եւ որ կը միախառնէ մարդկային տարբեր դասակարգեր, ինչպէս՝ մոգեր եւ պարզ հովիւներ, որոնք կը ծնրադրեն միասին՝ երկիւղած խոնարհութեամբ։
Այդ բոլորին կեդրոնը կը գտնուի Սուրբ Ընտանիքը։ Եւ եթէ աւելի ուշադրութեամբ դիտենք՝ ընտանիքին կեդրոնը կ՛երեւի Քրիստոս՝ կիզակէտը բոլորանուէր խանդաղատանքի, ցնծութեան եւ սիրոյ։ Յիսուս ծնունդ առաւ յեղաշրջումի երկիւղալի դարու մը մէջ։ Սակայն ան կրցաւ, նոյնիսկ իր մանկութեան ատեն, ճառագայթել՝ սփռելով խաղաղութեան ոգին աշխարհի բոլոր ծագերուն։
Ասիկա յաչս մարդկութեան խորհրդանիշ մըն է խաղաղութեան, եւ հաւանաբար նաեւ եկեղեցւոյ մեր սկզբնական պատկերացումը ըլլայ ան։ Մարգարէներ գուշակած էին՝ թէ Քրիստոս պիտի ըլլար Խաղաղութեան Իշխանը։ Անոր ծնունդը աւետած էին որպէս խոստում մը՝ խաղաղութեան, իսկ խաղաղութեան գաղափարը ինքնին որպէս վախճան—եւ ոչ թէ որպէս սոսկ վերացումը բացայայտ հակամարտութեանց—պիտի դառնար մեր Տիրոջ առաքելութեան յեղաշրջող ուսուցումներէն մէկը։
Երկու հազար տարի Ս․ Եկեղեցին պահած է գեղեցիկ յիշատակը Յիսուսի Ծննդեան եւ անոր ետին թաքնուած խաղաղութեան պատգամին։ Քրիստոսի մանկութեան պատկերը կը զարդարէ իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ գլխաւոր խորանը․իսկ մեր Տիրոջ սովորական ողջոյնը՝ «Խաղաղութիւն ընդ ձեզ» իր արձագանգը կը գտնէ Ս․ Պատարագի ընթացքին՝ որպէս «Խաղաղութիւն ամենեցուն»։ Արդարեւ՝ ասոր համար իւրաքանչիւր եկեղեցի կը նկատենք սրբավայր/նաւահանգիստ, համերաշխութեան եւ ապահովութեան վայր մը, որ առանց արգելքի բաց է բոլորին առջեւ։
Յառաջիկայ տարին յատկանշական անկիւնադարձ մը պիտի ըլլայ այդպիսի հայկական սրբավայրի մը համար։ 2018-ին պիտի նշուի յիսնամեակը Նիւ Եորքի հոյակապ Ս․ Վարդան Մայր Տաճարի օծման։ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք ո՞վ կրնար իր մտքէն անցընել, որ մեր ժողովուրդը օր մը Ամերիկայի մէջ պիտի տօնէ յիսնամեակը հայկական Մայր Տաճարի մը։
Մայր Տաճար ունենալու երազը անտարակոյս կ՛երթայ ետ՝ մինչեւ Տ․ Գարեգին Արք․ Յովսէփեանի, Տ․ Տիրան Արք․ Ներսոյեանի, Տ․ Թորգոմ Արք․ Մանուկեանի նման տիտան դէմքերու, ինչպէս նաեւ անոնց ժամանակակից հազարաւոր այր եւ կին հայորդիներու։ Այդ երազը, որ ծնունդն էր մեր ժողովուրդի ապրած ահաւոր ողբերգութեան, ձեւ եւ մարմին առաւ Համաշխարհային մեծ պատերազմի օրերուն․ հուսկ ապա տաճարը օծուեցաւ այնպիսի ատեն մը՝ երբ անորոշութեան շրջան մը կը բոլորէր Ամերիկան։ Իսկ անցնող կէս դարուն մայր տաճարը հաստատուն կանգնած է՝ դիմագրաւելով բոլոր մրրիկները։ Մեր «ազգային տունը», որ անծանօթ չէ եղած անցեալ օրերու անդոհանքներուն, ներկայ ժամանակներու մտահոգութիւններուն դիմաց եւս կը սրտապնդէ մեզ։
Հակառակ այլ եւ այլ ազդակներու՝ հայկական ոճով կառուցուած Ս․ Վարդան Մայր Տաճարը բարձրացաւ որպէս իսկական սրբավայր՝ յուշարձան խաղաղութեան։ Մայր Տաճարը մեր Թեմի հաւատացեալ ժողովուդին համար հոգեւոր ուժի աղբիւրը հանդիսացած է։ Բայց նաեւ մեր Տիրոջ խաղաղութեան պատգամին համաձայն անոր հիւրընկալ դռները բաց եղած են եւ են որեւէ հայու եւ կամ անհատի առջեւ, որ հեռացած ըլլայ իր դաւանանքէն եւ նեղութեան պահուն կարիքը զգացած ըլլայ հոգեւոր մխիթարութեան եւ կամ փոթորկայոյզ կեանքի մը ընթացքին գտնել ուզած ըլլայ հոգեւոր ապաստարան մը։
Մեր Մայր Տաճարը, որ սրբատեղի մըն է բոլորին համար, կոչ կ՛ուղղէ իր բոլոր որդիներուն եւ դուստրերուն վերադառնալու տուն այս յատկանշական յոբելեանին առիթով։
Անոր որմերէն ներս – ինչպէս բոլոր Հայց․ Եկեղեցիներու որմերէն ներս – հաւատացեալ քրիստոնեան մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաղաղութիւնը պիտի գտնէ։ Այդ խաղաղութիւնն է որ մուտք կը գործէ մեր հոգիներէն ներս եւ կը կերպարանափոխէ մեր կեանքը։ Հետեւաբար՝ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով անգամ մը եւս մերձենանք մեր Տիրոջ՝ ստանալու համար անոր խաղաղասէր շունչը՝ մեր մէջ կրելու համար զայն յառաջիկայ անկիւնադարձային տարուան ընթացքին։
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ։ Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս։
Խաժակ Արք. Պարսամեան
Առաջնորդ