Diocese Holds Symposium of Armenian Language Teachers

Diocese Holds Symposium of Armenian Language Teachers

The Eastern Diocese’s Armenian Language Ministry held its annual Teachers’ Symposium on Saturday, September 7, at the Diocesan Center in New York. Dn. Hovhannes Khosdeghian organized the gathering of some 40 Armenian School teachers and principals from nine Diocesan parishes—hailing from New York and New Jersey as well as North Carolina, Georgia, and New England—who met to discuss the state of our schools, their needs, and ways to make Armenian programs more effective and meaningful.

Cathedral Vicar Fr. Davit Karamyan and Fr. Abraham Malkhasyan, Pastor of Holy Martyrs Church in Bayside, NY, joined the educators, as did Mr. Hovik Mamikonyan, from Armenia’s Permanent Mission of to the United Nations.

Interim Director of Ministries Fr. Hratch Sargsyan welcomed participants and conveyed the blessing Diocesan Primate Bishop Mesrop Parsamyan, and the Primate’s fond wishes for a fruitful conference.

“It is a pleasure to welcome you in the Diocesan Center,” continued Fr. Hratch, “and I thank you all for taking the time to take part in person to this important gathering. Christian religion and the culture of our Armenian language are the two wings which makes our ministry of transmitting these two genuine components of our identity possible to rise and meet all challenges. Our history witnessed time and again the reality of demise every time one or the other of these bastions fell apart.”

He expressed his appreciation to all educators engaged in the daily and most often unrecognized work of keeping alive the flame of our identity. “Through your work, you keep alive the timeless work of Saints Mesrob and Catholicos Sahak and our Translators, giving the Word of God to the next generation,” he concluded.

Speakers and Discussions

The main speakers in the morning were Christopher Zakian, Communications Director of the Diocese, and Aram Arkun, Managing Director of The Armenian Mirror-Spectator and Executive Director of the Tekeyan Cultural Association.

Mr. Zakian presented a thought stirring analysis and reading of the story of the lives of St. Voski and companions, a fitting monument to the power of dreams and aspirations of a society crystallizing its identity, the knowledge of itself.

Mr. Arkun’s talk concentrated on the material and real evolution of the gain and loss and regain of the language as the palpable tool of expressing this identity in the history of his family: the microcosm of many Armenian families.

After lunch, representing the generation that grew from our schools, Mr. Arthur Ipek presented a lecture touching upon reminiscences of personal school experience which shaped his attachment to the Armenian language and its cultivation in writing prose and poetry, as well as other published young authors.

Mr. Luca Johnson, a USC business and finance graduate who interned at the Armenian Language Ministry this summer, presented his survey in understanding the influence religious and cultural identity has on economic investment in Armenia.

The need for developing a common core curriculum, supporting textbooks and adequate teaching materials was discussed at length. Evensong and Requiem Service for Teachers who passed away this year was held at the conclusion of the day, and the discussion continued around a fellowship dinner.

Click here to view photos. Read about the symposium in Armenian below.

* * *

Թեմական Վարժարաններու Ուսուցչական Համագումար

Արեւելեան Թեմին միօրեայ Վարժարաններու տարեկան ուսուցչական համագումարը տեղի ունեցաւ շաբաթ օր, սեպտեմբեր 7-ին, Առաջնորդարանի համալիրին մէջ: Յովհաննէս սրկ. Խոստեղեան կազմակերպեց այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցան շուրջ 40 ուսուցիչներ եւ տնօրէններ Թեմական ծուխերէն—Նոր Եորք եւ Նոր Ճըրզիէն ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Գարոլինայէն, Ճորճայէն—խորհրդակցելու դպրոցներուն եւ մատուցուած յայտագիրներուն մասին, ինչպէս աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու զանոնք:

Հոգեշնորհ Տէր Դաւիթ քհն. Քարամեան, Մայր Տաճարի Լուսարարապետը, ինչպէս նաեւ Հոգշ. Տ. Աբրահամ քհն. Մալխասեան, հոգեւոր հովիւ Պէյսայտի Սրբոց Նահատակաց Ծուխին, միացան ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Տիար Յովիկ Մամիկոնեան, խորհրդական՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Մշտական Ներկայացուցչութեան:

Հոգշ. Տէր Հրաչ քհն. Սարգսեան, Թեմին Առաքելութիւններուն Տեղակալ Տնօրէնը, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ փոխանցեց անոնց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Մեսրոպ Եպիսկոպոս Պարսամեանի օրհնութիւնն ու պտղաբեր աշխատանքի մաղթանքը:

Մեծ ուրախութիւն է ինձ համար–ըսաւ Տէր Հրաչ– իբրեւ Արեւելեան Թեմին Առաքելութիւններու Բաժնին Տնօրէն՝ ողջունել ձեզ բոլորդ թեմական այս կեդրոնին մէջ եւ Սբ. Վարդան Մայր Տաճարին հովանիին ներքեւ՝ տարեկան մեր համագումարին առիթով: Շնորհակալ եմ որ յանձն առիք անձամբ մասնակցելու այս համագումարին: Կը մաղթեմ եւ կը քաջալերեմ որ եկող տարին մասնակցին բոլոր մեր հայ վարժարաններուն ուսուցչական եւ վարչական կազմերը:

Քրիստոնէական կրօնքը եւ մեր լեզուական մշակոյթը–շարունակեց Տէր Հրաչ–կը կազմեն երկու թեւերը, որոնց շնորհիւ թռիչք կ’առնէ մեր առաքելութիւնը՝ տալու յաջորդ սերունդին հայ ինքնութիւնը կազմող երկու հարազատ եւ հիմնական այս սեփականութիւնները: Առանց այս երկուքին՝ մեր պատմութիւնը կը փաստէ որ անկարելի է ապրիլ, ստեղծագործել, եւ կեանքի շունչով նորոգուած պահել հազարամեայ մեր մշակոյթը: Տեսէ՛ք, ի՛նչպէս աշխարհի վրայ սփռուած գաղութներուն մէջ՝ կամաց-կամաց մարած է հայուն ինքնութեան բոցը եւ կրօնական պատկանելիութիւնը, ամէն անգամ որ այս երկու պարիսպներէն մէկը կամ միւսը վնասուած է, կամ՝ փլած: Շնորհակալ եմ եւ երախտապարտ ձեր բոլորին յարատեւ եւ հաւատարիմ աշխատանքին համար, որուն շնորհիւ նորոգուած եւ կենսունակ կը պահէք մեր ինքնութեան ամէնէն հզօր պաշտպանութիւններէն մին՝ մեր լեզուն եւ գիրը: Արդարեւ, այդ լեզուով եւ այդ գիրով մե՛նք եւս պիտի կարենանք թարգմանել, ինչպէս Սուրբ Մեսրոպ եւ Սբ. Սահակ Հայրապետը, քրիստոնէական երկնաւոր արժէքները, եւ այ՛սօր նորոգուած շունչով՝ մարմին եւ հաստատութիւն պիտի տանք մեր դարաւոր աւանդին:

Գլխաւոր բանախօսներն էին Քրիստափոր Զաքեան, Արամ Արքուն՝ կէսօրէն առաջ, եւ Արթուր Իփէք՝ կէսօրէն ետք:

Պր. Զաքեան խօսեցաւ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան վաղագոյն նշմարներէն Սրբոց Ոսկեանց վկայաբանութեան վիպական նկարագրին մասին եւ խորհրդածեց այն պատմական յիշատակներուն վրայ, որոնց արձակած խորագոյն արմատներով սնունդ կ’առնէ հայ ինքնութեան ձեւաւորումը:

Պր. Արքուն տուաւ հայերէն լեզուին կորուստը եւ վերականգնումը իր ընտանեկան պատմութեան պատկերով, վեր հանելով մակընթացութեան եւ տեղատւութեան երեւոյթը մշակոյթի հոլովոյթին մէջ, փայլեցնելով ուսուցչական գործին բերած յոյսի կայծը:

Կէսօրէն ետք Պր. Իփէք վերյիշեց, իր երբեմնի ուսուցիչներուն դիմաց, դպրոցական իր փորձառութեան ազդեցութիւնը հայերէն լեզուին եւ գրականութեան հանդէպ իր ունեցած կապն ու սէրը կերտելուն մէջ, եւ ոգեւին շեշտեց թէ որքան կարեւոր էր ստեղծագործել այս պարունակին մէջ:

Համալսարանական նորաւարտ՝ գործարարական ներդրումներու մասնագիտութեամբ՝ Լուկա Ճոնսոն, ներկայացուց իր կատարած չափագրութիւնը կրօնական եւ մշակութային ինքնագիտակցութեան ունեցած ազդեցութեան մասին Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու որոշումներուն վրայ:

Ուսումնական յայտագիրներուն առընթեր՝ երկար քննուեցաւ կարիքն ու կարելիութիւնը մշակելու “հասարակաց ողնային ծրագիր” մը, ասոր օժանդակ նպատակայարմար ուսուցողական նիւթերով: Աշխատանքը փակուեցաւ Մայր Տաճարին մէջ՝ Կիրակնամուտի ժամերգութեամբ եւ հոգեհանգստեան պաշտօնով ի յիշատակ տարուան ընթացքին հանգուցեալ ուսուցիչներուն: Խօսակցութիւնը շարունակուեցաւ ընտանեկան ընթրիքի սեղանին շուրջ:

Leave a Comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.

Support Our Programs