A Remembrance of Sylva Der Stepanian

A Remembrance of Sylva Der Stepanian

During her funeral on December 14, the late Sylva Der Stepanian was eulogized by Fr. Untzag Nalbandian: longtime friend and co-worker of Sylva, with whom he shared many interests, concerns and convictions.

Fr. Nalbandian delivered his thoughtful eulogy in Armenian, at New York’s St. Vartan Armenian Cathedral. Read the full text below.

* * *

Դամբանական Սիլվա Տէր Ստեփանեանի Թաղման

Խօսուած՝ Ընձակ ա. Քհնյ. Նալպանտեանի կողմէ

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ Եւ Հոգւոյն Սրբոյ, Ամէն։

Եղբայրնե՛ր, չեմ ուզեր որ անգէտ ըլլաք ննջեցեալներու մասին, որպէսզի չտխրիք ուրիշներու նման, որոնք յոյս չունին։ Եթէ կը հաւատանք թէ Յիսուս մեռաւ եւ յարութիւն առաւ՝ այդպէս ալ Աստուած ետ պիտի բերէ ննջեցեալները Յիսուսի միջոցով, անոր հետ։ /Ա Թես. 4:13/

Ահա թէ ինչ գրած է Պօղոս առաքեալ իր Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած նամակին մէջ, որը այսօր կրնանք հանգիստօրէն ուղղել նաեւ մեզ հայերուս եւ ամերիկացիներուս, որպէս մխիթարանք եւ յոյսի աղբիւր, երբ մենք զմեզ կը գտնենք նորօք հանգուցեալ Սիլվա Տէր Ստեփանեանի անշնչացած մարմնին ու դագաղին առջեւ։

Տխրիլը բնական է ու մարդկային, երբ սիրեցեալ մը, հարազատ մը, գործակից մը կը կորսնցնենք։ Նոյնիսկ Յիսուս լացաւ Ղազարոսի գերեզմանին։ Բայց Պօղոս առաքեալ յստակօրէն կը խրատէ Քրիստոնեաներուս չտխրիլ անոնց նման, որոնք յոյս չունին։

Որովհետեւ մեր յոյսը խարսխուած է անոր վրայ, որ խաչափայտին վրայ իր անսահման սէրը ցոյց տուաւ, մեր յոյսը ներող Աստուծոյ վրան է, մեր յոյսը այո՛, Յիսուս Քրիստոսի վրայ է, որ յստակօրէն ըսաւ որովհետեւ ես կ՛ապրիմ, դուք եւս պիտի ապրիք։

Սիլվա Տէր Ստեփանեանի մահուամբ, Միացեալ Նահանգաց Արեւելեան Թեմս վաստակաւոր կրթական մշակ մը եւս կը կորսնցնէ, որուն բացակայութիւնը այնքան զգալի պիտի ըլլայ բոլոր անոնց համար, որոնք զինքը մօտէն ճանչնալու եւ յատկապէս գործելու առիթը ունեցած են։

Հանգուցեալը դուստրն էր Ալիս Քէշիշեան եւ Միհրան Տէր Ստեփանեանի եւ ծնած էր Դամասկոս ու յաճախած էր տեղւոյն հայ եւ Ֆրանսական դպրոցները ապա փոխադրուած ընտանեօք Լիբանան։ Ան իր մօր՝ Ալիսի եւ քրոջ՝ Իրմայի հետ 1971-ին փոխադրուած էր Միացեալ Նահանգներ եւ Տնօրէնը եղած էր Թէնըֆլայի Ս. Թովմաս Հայց. Եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ Հայ Դպրոցին։ Այն ատեն է, որ ուշադրութիւնը գրաւած է Առաջնորդարանիս ղեկավարութեանը եւ հրաւիրուած է վարիչ տնօրէնը դառնալու Հայոց լեզուի եւ մշակոյթի բաժանմունքին, որը եւ ձեռնհասօրէն վարած է մօտ երեք տասնամեակներ։

Առաջին հանդիպումս իր հետ եղած է 1978 -ի գարնանը երբ Փարիզէն տակաւին նոր եկած էի այս թեմը, երջանկայիշատակ Թորգոմ Սրբազանի հրաւէրով եւ նշանակուած Նիակարա Ֆոլզի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր մատակարարը, որպէս սարկաւագ։

Սիլվան առաջինն էր Առաջնորդարանի կրթական բաժանմունքներէն ո՛չ միայն հաղորդակցելու ինձ հետ, այլեւ այցելութիւն տալու մեր հեռաւոր եւ փոքրաթիւ համայնքին, խանդավառելու մեզ ունենալու մեր Հայ Դպրոցը։ Անոր այցելութենէն վերջ, տակաւին կը յիշեմ հիացմունքս յայտնելով համայնքիս անդամներուն հետեւեալը ըսի. «Սիլվային համար մենք ալ կարեւոր համայնք մըն ենք, Սիլվան եկաւ խանդավարեց ու գնաց։ Այժմ մեզ կը մնայ սկսիլ մեր Հայոց լեզուի ուսուցումներուն»։

Անշուշտ ուր որ գացի որպէս հոգեւոր հովիւ, նման այլ ծխատէր քահանաներու կապս պահեցի Սիլվայի հետ մինչեւ որ 1999-ին Խաժակ Սրբազան զիս նշանակեց կրթական բաժանմունքներուն վարիչ, երբ առիթը ունեցայ աւելի մօտէն Սիլվային գործակիցը դառնալու։ Այդ վեց տարիներու ընթացքին տեսայ անոր հաստատակամ, բծախնդիր եւ աննահանջ ըլլալու կամքը ի պաշտպանութիւն Հայոց լեզուին ու մշակոյթին ուսուցման թեմիս բոլոր ծխական համայնքներուն մէջ, որոնց եւ հաւատարմօրէն եւ կանոնաւորաբար կ՛այցելէր։

Սիլվան իր հաւատամքէն ու համոզումէն երբե՛ք չէր հեռանար եւ մի՛շտ կը շեշտէր ըսելով. «Ամերիկածին Հայն ալ կրնայ Հայերէն սորվիլ եթէ ուզէ, այնպէ՛ս, ինչպէս ուրիշ լեզուներ կը սորվին»։

Այդ վեց տարիներու ընթացքին հաւաքական ժողովներէ զատ, շատ անգամ նաեւ գրասենեակս կու գար դռնփակ խօսելու հետս իր կրթական բաժանմունքի գործունէութեան, կարիքներուն, նորանոր հրատարակութեանց, ուսուցիչներու պատրաստութեան եւ այլ ծրագիրներուն մասին։ Գրասենեակիս դուռը երբ կը փակէր, գիտէի, որ կամ վրդոված էր բանէ մը եւ կամ ուրախ լուր մըն է, որ կ՛ուզէր տալ ինծի բայց տակաւին պատրաստ չէր բոլորին յատարարելու։ Բայց մի՛շտ ալ ըսելիքը արտայայտելէ ետք, լաւ կը բաժնուէր։ Ան մի՛շտ եւ մեծ համոզմունքով կը շեշտէր, որ առանց Հայոց լեզուի գիտութեան, արտասահմանի մէջ Հայը աւելի դիւրին պիտի ձուլուի իր ապրած երկրին մէջ։

Ինք քաջ գիտէր, որ մեր կրօնքն ու մշակոյթը միախառնուած են եւ անհնար է բաժնել իրարմէ։ Մեր կրօնքը մեր մշակոյթն է, նոյնպէս եւ մեր մշակոյթը մեր կրօնքն է։ Կը յիշեմ, երբ օր մը իրեն կ՛ըսէի թէ ամերիկայի մէջ Հայ հոգեւորականին գործը իսկապէս դժուար է, կրօնք ու միաժամանակ Հայ լեզու ու մշակոյթ սորվեցնելով, իրեն իւրայատուկ ոճով մը անմիջապէս ըսաւ. «Այո՛, այդ ալ պիտի ընէք, այս ալ պիտի ընէք»։ Ճիշդ այնպէս ինչ որ ի՛նք կ՛ընէր։ Դժբախտաբար ոմանք չեն գիտակցիր, որ Սիլվան ո՛չ թէ միայն մեր Հայ լեզուին ու մշակոյթին ջատագովն ու տարածողն էր, այլեւ մեր դարաւոր քրիստոնէական հաւատքին ու Հայ եկեղեցւոյ ուսուցումներուն։

Սիլվայի պատրաստած գիրքերն ու բառարանները, Հայ անուանի գրողներու թէ Հայոց պատմութեան եւ մեր կրօնի ու Հայ Եկեղեցւոյ վերաբերեալ դասագիրքերը կարող են վկայել ըսածս։ Անոր տարիներու  հրատարակութիւնները կրնան գործածուիլ այսօր ալ մեր համայնքներուն մէջ։ Ճիշդ է, որ նոր հաղորդակցութեան ու դասաւանդութեանց միջոցներ կան այսօր, բայց եւ այնպէս այն բոլորը որ ստեղծուած են տասնամեակներու ընթացքին յանձինս Սիլվային եւ իր տասնամեակներու Հայագէտ՝ Պարոն Նուպար Քիւփէլեանի նման գործակիցներուն, հանգիստօրէն կարող ենք այսօր եւս գործածել։

Սիլվա Տէր Ստեփանեան ո՛չ միայն այցելած է Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, այլեւ բարերարը եղած է Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ փակին մէջ տեղադրուած խոտէ գրուած ու ձեւաւորուած Հայոց Այբ ու Բենին։ Քաջ կը յիշեմ, որ ինք ըսած ու ցոյց տուած էր ինծի նկարը այդ խոտէ տառերուն պարտէզին։ Ժամանակի մը համար գրասեղանիս վրայ պահած էի ուրիշներուն ալ ցոյց տալու համար, որպէսզի երբ Հայաստան այցելեն իրենք եւս երթան Օշական ու տեսնեն։

Այստեղ կ՛ուզեմ փակագիծ մը բանալ ու նշել, որ երբ երկու ամիսներ առաջ Հայաստան էի, այցելեցի նաեւ Օշականի եկեղեցին եւ յիշեցի Սիլվային։ Դժբախտաբար չտեսայ խոտէ այբ ու բենը։ Երբ տեղւոյն հոգեւորականին հարցուցի, ինք եւս ցաւով ըսաւ թէ. «Ջուրի եւ պարտէզպանի պակասի պատճառաւ  չկարողացան հոգատարել եւ պահել խոտէ այբ ու բենը»։ Յուսամ մեր թեմը կ՛օգնէ Օշականի եկեղեցւոյ Սիլվային այս փափաքը մշտապէս կենդանի պահելու։

Սիլվային յանդուգն մտայղացումներէն եւ գործերէն էր նաեւ հիմնադրումը Խրիմեան Վարժարանին, որմէ ամիսը մէկ լման օր մը կ՛օգտուէին մեր պատանիները գալով Առաջնորդարան, լսելով դասախօսութիւններ եւ հասակ առնելով Հայկական մթնոլորտին մը մէջ։ Կը յիշեմ Սիլվան կ՛ըսէր. «Խրիմեան յաճախող մեր աշակերտները մեծաւ մասամբ Ivy League համալսարաններ կ՛երթան։ Այսօր Խրիմեանէն վկայուած բազում երիտասարդ երիտասարդուհիներ իրենց համայնքներուն մէջ ո՛չ միայն գործունեայ են, այլեւ ղեկավարի դերին մէջն են եւ շատ յաջող իրենց ընտրած կեանքի ասպարէզին մէջ։ Անոնք բժիշկներ, ուսուցիչներ, փաստաբաններ եւ մեծ ընկերութիւններու մէջ յաջող դիրքեր ունին։ Իցիւ թէ օր մը հրաւիրենք զանոնք հոս Ս. Վարդան Տաճարին մէջ պաշտամունքի եւ ներքնասրահին մէջ ձեռնարկի մը, որ իրենք ըլլան կազմակերպողները։ Կը խորհիմ, որ մի քանի հարիւրի հասնող Խրիմեանի աւարտականները կրնան մասնակից դառնան այդպիսի հաւաքի մը, որը կրնայ առաջնորդել ուրիշ լաւ քայլերու…

Աստուած իւրաքանչիւրիս կեանք տուած է, որպէսզի մենք եւս մեր բաժինը բերենք մեր ազգի ու ինչու չէ, մարդկութեան վերելքին։ Ամէն մարդ իր կարողութեամբ։ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց մեր Այբ ու Բենը տուաւ մեզ, որպէսզի Աստուծոյ խօսքը կարդանք մեր մայրենիով ու մեր ոսկեղնիկ այբ ու բենը դարձնենք մեր կեանքի զէնքն ու վահանը՝ պաշտպանելու այն ամէնը որ մերն է, այո՛, երբեմն միա՛յն մերն է, բայց եւ մերթ՝ ո՛ղջ մարդկութեանը։ Եթէ Ֆրանսերէնը սիրոյ լեզուն է, Իտալերէնը օբերայի, Սիլվան քաջ գիտէր որ Հայերէնը աղօթքի լեզուն է, ճիշդ այնպէս ինչպէս Նարեկացին գրեց, եւ կամ երիտասարդ տաղանդաւոր բանաստեծը մեր Միսաք Մեծարենց բարձրաձայն արտասանեց նոյն Նարեկացիին աղօթքներէն՝ Պոլսոյ Հայկական թաղերուն մէջ քալած ատեն։

Այսօր Երկնքի բարձունքներէն Սիլվան կը կրկնէ Բանաստեղծուհի միւս Սիլվայի՝ Կապուտիկեանի յորդորը մեր բոլորին եւ յատկապէս նոր հասակ առնող սերունդին. «Թէ մօրդ անգամ մտքից հանես, քո մայր լեզուն չմոռանաս»։

Ըսուած է, որ մահազդն ու դամբանականները կը գրուին որեւէ անձի մը կենդանութեան օրերուն։ Ինչքան ճիշդ կը գտնեմ այդ, յատկապէ՛ս Սիլվա Տէր Ստեփանեանի պարագային։

Ինչպէս որ եկեղեցասէր ու եկեղեցաշէն ըլլալը տարբեր բաներ են, նոյնպէս ազգասէր ու ազգաշէն ըլլալը երկու տարբեր բաներ են։ Սիլվան իր կեանքով ցոյց տուաւ բոլորիս, որ սերունդներ հայեցի դաստիարակելով, ան եկեղեցաշէն ու ազգաշէն անձ մը եղաւ եւ ո՛չ թէ պարզապէս հեռուէն դիտորդ մը մեր եկեղեցւոյ եւ ազգի ելեւէջներուն։

Որպէս քրիստոնեաներ, մենք աղօթող ենք Սիլվայի նորօք հանգուցեալ հոգւոյն համար, խնդրելով Աստուծմէ, որ զինք երկնի խոստացուած արքայութեան արժանի ընէ, մեր բոլորին սուրբ հոգիով մխիթարէ ու Սիլվային կտակով մեզ քաջալերէ առաջ երթալու վասն նորահաս Հայ սերունդին հայեցի եւ քրիստոնէական հաւատքով ու արժէքներով դաստիրակութեան։

Մեր ցաւակցութիւնները Տէր Ստեփանեան, Չալեան եւ Դարբինեան ընտանիքներուն եւ իր բոլոր բարեկամներուն։ Աստուած հոգին լուսաւորէ։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։  Ամէն։

Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Տաճարին մէջ
Դեկտեմբեր 14, 2022

Above: the late Sylva Der Stepanian (at right) alongside the late Archbishop Torkom Manoogian, then-Diocesan Primate, during Sylva’s early days on the educational staff of the Diocese.

Leave a Comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.

Support Our Programs