Նոր Սերունդի Դպրաց Դասերուն Ղեկավարներ

Նոր Սերունդի Դպրաց Դասերուն Ղեկավարներ

Արեւելեան Թեմին Սրբազան Երաժշտութեան Խորհուրդը կազմակերպեց Պոյաճեան Յայտագրին Երիտասարդ Դպրապետներու Ղեկավարներու երրօրեայ հանդիպումը: Միացեալ Նահանգերուն տարբեր կողմերէն ժամանած երիտասարդ հայ հաւատացեալներ՝ երաժշտական եւ ծիսական խտացեալ ուսուցման հետեւեցան։ Յայտագիրը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի Արմոնք քաղաքին մէջ գտնուող Ս. Ներսէս Ընծայարանին մէջ, յուլիս ամսուն 6-8:

Այս տարուան ծրագիրը կը վարէր Արի Սարկաւագ Թէրճանեան՝ Սրբազան Երաժշտութեան Խորհուրդի անդամ եւ Օհայօ նահանգի Քլիվլենտ քաղաքին մէջ գտնուող Ս. Գրիգոր Նարեկացի Եկեղեցւոյ Դպրաց Դասին ղեկավարը։ Ծրագիրը համակարգեց եւ ղեկավարեց Սրբազան Երաժշտութեան Խորհուրդի ատենապետ Տ. Յովհան Խոճա-Էյնաթեան՝ Իլլինոյ նահանգի Էվընսթըն քաղաքին մէջ գտնուող Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ հովիւը։ Ծրագիրը մասնակիցներուն ընձեռեց  բացառիկ առիթը Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան երաժշտութեան մասին գիտելիքները խորացնելու, ծառայելով զարգացնելու Դպրաց Դասի ապագայ ղեկավարներուն անհրաժեշտ գործնական կարողութիւնները։

Արի Սարկաւագ մասնագիտական ուսուցում տուաւ երաժշտական հիմնական գիտելիքներու՝ ներառեալ երաժշտական լսողութեան մարզում եւ երաժշտութեան տեսութիւն, Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան երաժշտութեան մեկնաբանութիւն եւ ղեկավարութեան արուեստ։ Մասնակիցները ստացան անմիջական ցուցմունքներ եւ իրենց հասակակիցներուն առջեւ փորձառութիւն ձեռք բերելու առիթ։ Եօթը շնորհալի մասնակիցները 14-էն 17 տարեկան էին եւ եկած էին երկրին տարբեր կողմերուն մէջ գտնուող Թեմական ծուխերէն։

Պոյաճեան Երիտասարդ Երգչախումբի Ղեկավարներու Յայտագիրը հաստատուած է Դոկտ. Սոկրատ Պոյաճեանի յիշատակին՝ որ շատ կարեւոր դեր ունեցած էր երիտասարդներուն երաժշտական տաղանդը հրահրելու եւ Հայ Եկեղեցւոյ հարուստ երաժշտական ժառանգութեամբ զանոնք կրթելու գործին մէջ։

Սրբազան Երաժշտութեան Խորհուրդը ուրախութեամբ կը սպասէ ապագային շարունակելու Պոյաճեան Յայտագիրը՝ դաստիարակելու Դպրաց Դասերու գիտակից եւ ինքնավստահ ղեկավարներու նոր սերունդներ, որ պիտի ներշնչեն մեր հաւատացեալները:

Leave a Comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

This site uses Akismet to reduce spam. Learn how your comment data is processed.

Support Our Programs