Այսօրուայ Աւետարանին հատուածը առնուած է Ղուկաս Աւետարանիչէն—15րդ գլուխն է: Երեք առակներէ բաղկացած է, եւ Մեծ Պահքի Երրորդ Կիրակին իր անունը ստացած է երրորդ առակէն՝ “Անառակ Որդիի Կիրակի”:
Երեք առակներն ալ կը սորվեցնեն կորսուածը գտնելու, վերականգնելու մասին—առաջին երկուքը պարզ եւ մեկին են, եւ երեքն ալ կը նշեն այն մեծ ուրախութիւնը որ կը տարածուի ամբողջ երկնաւոր արքայութեան մէջ, երբ նոյնիսկ մէկ, միայն մէկ, մեղաւոր դարձի գայ:
Երրորդ առակը կը մանրամասնէ թէ ինչ ըսել է դարձի գալ: Տեսնենք համառօտիւ նախ գրական կառոյցը այս երրորդ առակին: Ճարտարօրէն մշակուած առակ մըն է, հոգեբանական սուր անդրադարձութիւններով, գրական հատու ինչպէս եւ տպաւորիչ պատկերներով:
Իւրաքանչիւր դերակատար արձագանգ մը կ’աւելցնէ, կը սկսի մխիթարութեամբ լեցուն մարդկեղէն պատկերներով, բարձրանալու համար մինչեւ յաւիտենական արդարութիւն: Դերակատարներն են–
- Հայրը
- Երէց որդին (Կայէն /Եսաւ/Իսրայէլի ժողովուրդը/Եկեղեցին)
- Կրտսեր որդին (Աբէլ/Յակոբ/Հեթանոսները/Մարդը)
- Հեղինակ-Պատմիչը (Տէր Յիսուս, Հօր Անդրանիկ եւ Միակ գոյակից Որդին)
- Ընթերցող-ունկնդիրը (Բոլոր ժամանակներու ընթերցող-ունկնդիրները)
Որպէսզի ստոյգ հասկացողութիւն կազմենք առակին մէջ թաքուն միտք/դասին, պէտք է իմանանք թէ ո՛վ է “անառակ”ը: Երեք առակներուն բնաբանը, որովհետեւ, “կորսուածը գտնել”ու միտքն է, անառակի հարց չկայ… ինչպէս առակին Հայրը յստակ կերպով կ’ըսէ—“Այս որդիս մեռած էր եւ յարութիւն առաւ, կորսուած էր եւ գտնուեցաւ:” Պատմողը միայն կը նկարագրէ այս երկրորդ կրտսեր զաւակին գայթակղեցուցիչ կենցաղավարութիւնը… բայց չ’ըսեր թէ ա՛յս է “անառակ”ը:
Դարերու ընթացքին անթիւ-անհամար մարդիկ—քրիստոնեայ կամ ոչ—ունկնդիր եղած են եւ որոշած են՝ թէ ո՛վ էր ստուգիւ“անառակ”ը:
Դերակատարներէն Երէց որդին առաջինն է՝ որ—նախ քան բառ մ’իսկ արտասանելը—իր վրդովմունքով եւ բարկութեամբ, մերժելով նոյնիսկ իր տունը մտնել՝ շատ յստակ կերպով արդէն որոշած է թէ ո՛վ է “անառակ”ը: Իր կրտսեր եղբայրն էր. այն որ ժառանգութեան իր բաժինը կապտեց արարչադիր օրէնքին ժամանակէն առաջ, որովհետեւ կտակը, ժառանգութիւնը, պէտք էր անցնիլ հօրը մահէն յետոյ: Հայրը շատ երկար ժամանակ կը վատնէր ապրելով: Կրտսեր եղբօր ցանկութիւններուն համաձայն՝ հայրը պէտք էր արդէն մեռած ըլլար:
Այ՛ն եղբայրն է, որ երկարեց իր թեւը, կերաւ դրախտին արգիլուած պտուղէն, առաւ իր կապուտը եւ չուեց, գնաց, նոր բացուած աչքերով, հոգեկան թէ մարմնական նոր՝ բայց խաբեպատիր արժէքներով ստեղծելու իր նոր արարչութիւնը, ի՛ր դրախտը, ուր ո՛չ մէկ պտուղ արգիլուած պիտի ըլլար, հետեւաբար՝ մեղք գոյութիւն իսկ պիտի չունենար: Ի՞նչ դարձ: Ի՞նչ զղջում: Բոլոր ճանապարհները ուղիղ պիտի ըլլային, որովհետեւ ուղղութիւն պիտի չունենային դէպի կատարելութիւն մը:
Դէպքերու բերումով, կրտսեր որդին կը բախի իր ստեղծած դրախտին իրական պատկերին. Ժառանգութիւնը կը սպառի, սով կը տիրէ իր նոր աշխարհին մէջ, եւ ինք կը չքաւորի. “խելքի եկաւ,” կ’ըսէ Հեղինակ-Պատմիչը: Ճանչցաւ, այսինքն, իր բռնած ուղղութեան եւ երազած նոր աշխարհին իսկական տեսարանին բնորոշիչ հակասական վիճակը. եզրակացուց որ սխալած էր. որոշեց վերադառնալ Հօր տունը եւ յայտնել անոր իր զղջումը:
Հիմա տեսնենք թէ ով է անառակը ըստ ունկնդիրին: Ունկնդրողը կ’որոշէ առակին Հօր եզրափակիչ արտայայտութենէն, խօսքերէն, թէ ստուգապէս “անառակ”ը Երէց որդին էր—բայց մի քիչ յուսախաբ կը մնայ Հօր արդարութեան հասկացողութենէն, “պատիժ” չկայ Երէց որդիին “անառակութեան” համար, այլ՝ այն հանդիսաւոր յայտարարութիւնը, թէ՝ “ամէն ինչ որ իմս է, քուկդ է:”
Կայ եւս աւելի ներքին միտք մը, որ շուքի նման կը թեւածէ ընթերցող-ունկնդիրին հոգիի յուզումներուն վերեւ, երբ պատմուածքին զուգահեռը դեռ աւելի զօրենք դէպի Տէր Յիսուս եւ Մարդը երկուորեակ եղբայրներու աստիճանին:
Արդեօք Տէր Յիսուս—հեղինակը ու Պատմողը այս առակին— ո՞ր Որդիին մէջ կը տեսնէ ինքզինք, Կրտսերի՞ն թէ Երէցին: Կարծես այս միտքն է ակունքը Հեղինակ-Պատմողին խոր յուզումին—քաւելու այս երկու անառակներուն յանցանքները, ցոյց տալով Կրտսերին “Մեղայ”ին փրկարար զօրութիւնը՝ հասնելու Հօրը ողորմութեան, տեսնելու Անոր աչքերուն մէջ հրճուանքը կորուսեալը գտած ըլլալու, ընդունելու Անոր ողջագուրումին տաք համբոյրը, եւ լսելու նաեւ Հօր հանդիսաւոր խօսքը “ամէն ինչ որ իմս է, քուկդ է”—Դուն իմ գոյակից, էակից Որդիս ես: